2015-11-08 12:07:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքը`''Հայցենք Աստուծմէ աղքատ սիրտ մը ունենալ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 8 նոյեմբեր 2015-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը­, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան Աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւն մը ներկայացուց որուն մէջ անդրադարձաւ օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն ու կը խօսուի աղքատ այրի կնոջ մը մասին որ գանձարանին մէջ կը դնէ միայն իր ունեցած երկու լումաները որ կ՛ընէին մէկ նաքարակիտ եւ Յիսուս այս տեսնելով կը գնահատէ անոր գործը հաստատելով թէ հարուստները գանձարանին մէջ դրին իրենց աւելորդէն առնելով մինչ այրի կինը իր չքաւորութեան մէջ, դրաւ ինչ որ ունէր իր ապրուստին համար։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարիլոյս այս գեղեցիկ արեւով, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, մատնանշելով թէ օրուան աւետարանական ընթերցումը բաժնուած է երկու մասերու. Առաջինին մէջ Յիսուս կը զգուշացնէ դպիրներէն որոնք կը սիրեն շրջիլ լայն հագուստներ հագած, ողջոյններ ընդունիլ, առաջին տեղերը գրաւել ժողովարաններու եւ խնջոյքներու մէջ։ Այրիներու ինչքերը կ՛ուտեն եւ տեսնուելու համար կ՛երկարեն իրենց աղօթքները։

Այսօր եւս ըսաւ Սրբազան Հայրը այսպիսի վարուելակերպի  սպառնալիքը կայ, յատկապէս երբ աղօթքը կ՛անջատուի արդարութենէն, որովհետեւ կարելի չէ միաժամանակ պաշտել Աստուած եւ չարութիւն հասցնել աղքատներուն ։

Իսկ երկրորդ բաժինը կը յատկանշէ քրիստոնեայ իտէալի օրինակելի կենցաղը, այրի կինը որ իր չքաւորութեան մէջ կը զրկուի ամէն իր ունեցածէն հասկնալով թէ Աստուած ունենալով ան ունի ամէն ինչ, որովհետեւ ինքզինք սիրուած կը զգայ Աստուածմէ ու զայն կը սիրէ ամբողջութեամբ։

Յիսուս, ըսաւ Քահանայապետը, մեզի եւս կը պատգամէ թէ դատողութեան չափանիշը քանակը չէ այլ լիութիւնը, դրամապանակի հարց չէ այլ սրտի։ Սիրել Աստուած համայն սրտով կը նշանակէ ամբողջութեամբ անոր վստահիլ ու վստահիլ անոր նախախնամութեան ու անոր ծառայել աղքատ եղբայրներու ընդմէջէն առանց որեւէ բան սպասելու մեր ծառայութեան փոխարէն։

Հայցենք Տիրոջմէ որ մեզ ընդունի աղքատ այրիի դպրոցին մէջ զոր Յիսուս կը ներկայացնէ որպէս Աւետարանի դաստիարակ։ Հայցենք` աղքատ սակայն ձրիութեամբ ու մեծահոգութեամբ հարուստ սրտի մը պարգեւը,  բարեխօսութեամբ Մարիամին` աղքատ տիկինը որ իր բոլոր կեանքը նուիրեց Աստուծոյ ու մեզի։








All the contents on this site are copyrighted ©.